Armenian resources
Updated May 2020
Այս հասցէին տակ կը գտնէք մանկագիր, մանկավարժ, Անահիտ Սարգիսեանի, ինքորոյն մանկական ձայնագրեալ խաղիկներու, խաղերգերու, երգերու, շուտասելուկներու, պատումներու հսկայական հաւաքածոյ մը մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին երկու տարիքի մանուկներուն համար։
Անահիտ Սարգիսեան Անահիտ Սարգիսեանի Դիմագիրքի էջին վրայ տեղադրուած են Մարալ Քերովբեանի եւ Վահան Քերովբեանի հետ անոր պատրաստած մանկական շարժապատումները եւ զանազան այլ տեսանիւթեր եւ գրառումներ։ Նիւթեր, զորս կարելի է նաեւ գտնել Youtube-ի կամ vimeo-ի վրայ։
Մարալ Քերովբեան եւ Վահան Քերովբեան 2014-ին Պոլսոյ Գարակէօզեան տան 100-ամեակի հիմնադրութեան առթիւ հիմքը կը դրուի ՓՈՔՐԻԿ հէքեաթարանին, որ այսօր հայկական եւ միջազգային գրականութենէ, արդի եւ աւանդական գրողներէ՝ արեւմտահայերէնով 100-է աւելի հէքեաթներ, առակներ, դիցաբանական պատումներ տրամադրելի կը դարձնէ, տեսանիւթերով
pokrig.org ՓԹԻԹ կայքէջը կը պարունակէ զանազան բնոյթի խաղեր՝ լեզուական, թուաբանական, տրամաբանական, ժամանցային։ Ունի հէքեաթներու, պատմութիւններու, առակներու եւ հանելուկներու բաժիններ, խաղերու միջոցաւ դաստիարակչական աշխատանք կատարող ճոխ բովանդակութիւն, որ միաժամանակ օգտակար ու հաճելի ժամանց կ՚ապահովէ։ www.e-ptit.com կայքէջը ծնունդ առած է ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթէն, որ հիմնուած է Պէյրութի մէջ 2010-ին։ Տպագիր տարբերակն ալ տակաւին կը շարունակէ լոյս տեսնել։
e-ptit.com Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան ստեղծած մանկական ուսուցողական կայքէջն է։ Լալան եւ Արան երկու տիպարներ են, որոնք կը մանուկներուն կը բացայայտեն աշխարհը, կը ճոխացնեն անոնց աշխարհագիտութիւնը, լեզուագիտութեամբ՝ գոյներու, ձեւերու, իրերու ընդմէջէն… որոնք երթալով կը ստանան անուն, պատկեր եւ ճանաչում։
https://www.lalanouaran.com/hy/ հասցէին պիտի գտնէք նաեւ պատմուածքներու գլուխ մը՝ ,Ողկոյզ մը պատմուածքե վերնագրով, որ ունի նաեւ ձայնագրութեան անկախ շտեմարան https://soundcloud.com/voghgouyz անուան տակ, ուր կարելի է ունկնդրել Լեւոն Շանթի մշակած մանկապատանեկան հէքեաթները։ Ալիք Արզումանեան տեսերիզի միջոցով կ՚ընթերցէ նաեւ օտար գրականութենէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած պատմութիւններ, օտար լեզուով բնագիրին վրան հայերէն բնագիրը տեղադրուած կամ երբեմն ալ՝ անգլերէնով գրուած գիրքէն ուղղակի թարգմանութեամբ։
https://www.youtube.com/channel/UCi13BUvILgNqhloltxVUr-g Նոյնն է պարագան Լիզա Մանոյեանի հետեւեալ հասցէով տեսանիւթերուն՝ https://www.youtube.com/channel/UCcc6L5GVQPgvhy8hTGxgAew ֆրանսերէնէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած ու Անահիտ Տօնապետեանի եւ Մելանի Քիլէճեանի կողմէ կատարուած՝ ,Փոքրիկ Նիկոլե գիրքի հատուած առ հատուած ընթերցումը.
Հատուած 0 – Անձերը – (Les personnages) : https://youtu.be/AMwLX7dg9sc Հատուած 1 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://youtu.be/s6UXNW5yp-g Հատուած 2 – Դպրոցը պիտի սկսի (On va rentrer) : https://www.youtube.com/watch?v=N2e3Y47CTtg Ամէն շաբաթ նոր հատուածով մը կը ճոխանայ շարքը։ Արեւմտահայերէնի դասեր եւ նիւթեր, ընթերցումներ, գիտական տեղեկութիւններ հարցում-պատասխանի ձեւին տակ
armlands.com Armenian virtual college (www.avc-agbu.org)
Երուանդ Զօրեանի կողմէ պատրաստուած կայքէջը կ՚աշխատի իբրեւ Հայագիտական ուսման կեդրոն, արեւտահայերէն եւ արեւելահայերէն լեզուներով։ Պէտք է արձանագրուիլ եւ իբրեւ դասընթացք կանոնաւոր կերպով հետեւիլ ու մասնակցիլ հեռավար դասընթացքներուն, դաստիրարակի մը ցուցմունքներուն հետեւելով։ Այս ծրագիրը հովանաւորուած է ՀԲԸՄ-ի կողմէ Իւրայատուկ կայքէջ մը, որ իւրաքանչիւր օրուան յարմար բառ մը, եզր մը, գաղափար մը, միջազգային հասարակութիւնը յուզող ընկերային հարց մը, դատ մը կը ներկայացնէ պիտակով մը կամ պատկերով մը, որուն կ՚ընկերանայ շատ կարճ խօսքը կամ բառը՝ աղուոր բաները։
aghvorpaner.com Նոր Յառաջ-ի բաժանորդները կրնան նաեւ NH Hebdo-ի մէջ «L’arménien chez soi» (Հայերէնը տան մէջ) էջին հետեւիլ, ուր փոխնիփոխ տրամադրելի են շաբաթ մը՝ Յարութիւն Քիւրքճեանի կողմէ պատրաստուած գրական նիւթերով վարժութիւններ, իսկ յաջորդ շաբաթը ,Նոր Յառաջե-ի խմբագրութեան կողմէ՝ լուսանկարի մը շուրջ պատրաստուած պատում մը, անոր բովանդակած կարեւոր բառերու ֆրանսերէն թարգմանութեամբ։
norharatch.com Ընթերցանութեան սիրահարներու համար կան նաեւ կայքագրեր (blog), որոնք ընդհանուր առմամբ նորութիւն են միջազգային եւ հայ իրականութեան մէջ։ Թերեւս առաջին նախաձեռնողներէն էր ԱՄՆ-ու մէջ Վարդան Մատթէոսեանը՝ armeniaca-haygagank.blogspot.com հասցէի իր կայքագրով, որ սկզբնական շրջանին կեդրոնացած կերպով կը հրատարակէր մամուլի եւ հանդէսներու մէջ լոյս տեսած արեւմտահայերէն հետաքրքրական յօդուածներ։ Յետագային խմբագրական իր ուղեգիծը տեղ տուաւ նաեւ արեւելահայերէն եւ անգլերէն նիւթերու
Հայերէն Blog-ը (https://hayerenblog.wordpress.com/) որ կը հրատարակուի Իշխան Չիֆթճեանի նախաձեռնութեամբ եւ խմբագրութեամբ։
Նորա Պարութճեանի նորաստեղծ ԾԻԾԵՌՆԱԿ անունով կայքագիրը՝ https://dzidzernag.wordpress.com/, որ տեղ կը տրամադրէ հայ պատանիներու եւ երիտասարդներու գրութիւններուն Յուշամատեանը անունն է հանրօգուտ (ոչ-շահաբեր) միութեան մը, որ հիմնուած է Պերլինի մէջ 2010 թուականին։ Անիկա իր առջեւ ունի հիմնական յանձնառութիւն մը, որն է հետազօտութիւններու ճամբով վերականգնել ու պահպանել Օսմանեան կայսրութեան հայերուն ապրած կեանքին յիշողութիւնը։ Այս առումով, սոյն կայքէջը (www.houshamadyan.org) պիտի հանդիսանայ այն գլխաւոր միջոցը, որ լաւագոյնս պիտի արտացոլացնէ մեր միութեան գործունէութեան արդիւնքները։
ՀԵՔԻԱԹՆԵՐ ՀՈՎՀԱՆՆԵՍ ԹՈՒՄԱՆՅԱՆ
|
Daily Pledges & Prayers
![]()
|