North Hills campus Expansion
The Holy Martyrs family of schools (Ferrahian High School, Cabayan Elementary School, and Pilavjian Preschool) continues its unprecedented growth and expansion with its latest acquisition of a 1.7-acre parcel adjacent to the North Hills campus. On June 17, 2024, with the blessing and support of H.E. Archbishop Kegham Khacherian, Prelate of the Western Prelacy of the United States, as well as the Prelacy's Executive Council, the Holy Martyrs School Board closed escrow on the property abutting the entire western boundary of the existing campus.
This undertaking comes at a critical point for our schools, with enrollment at an all-time high and with the overwhelming desire of the community-at-large to be part of this dynamic and proudly Armenian academic environment.
The expansion of the North Hills property will facilitate the construction of new preschool and elementary school classrooms, parking lots, athletic fields and other improvements, and will put into greater focus the schools' vision to provide a singular and state-of-the-art home where our children will continue to excel. Indeed, this acquisition coincides with the recent issuance of final and approved building permits for a comprehensive remodeling and new construction plan for the North Hills campus. The preparatory work for the groundbreaking phase of that ambitious plan has already begun, with grading operations well underway.
This momentous development follows the Encino campus’ recent expansion. In 2022, the school acquired the adjacent three-acre property on White Oak Avenue, effectively doubling its footprint and providing much-needed classrooms, parking, a second gymnasium and other facilities. Today, Ferrahian is proud to have more than 550 students who, like their 675 younger brothers and sisters at the Cabayan and Pilavjian school campus, are afforded the opportunity to thrive academically, athletically and socially in a uniquely nurturing and secure Armenian setting.
The future is bright for the Holy Martyrs family of schools, now entering its 60th year of unparalleled service to our community. As the first Armenian day school in the United States, we have every intention to continue to lead the way for the next 60 years and beyond. The recent expansion efforts will ensure that this will be the case.
Ferrahian - Cabayan - Pilavjian School Board
ՖԵՐԱՀԵԱՆ ԵՐԿՐՈՐԴԱԿԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ, ԳԱՊԱՅԵԱՆ ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԻ ՈՒ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ ՄԱՆԿԱՄՍՈՒՐԻ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանը, Գապայեան Նախակրթարանը եւ Փիլաւճեան Մանկամսուրը կը շարունակեն երենց աննախընթաց զարգացումն ու ընդարձակումը: Արդարեւ, նորագոյն ընդարձակման քայլը եղաւ Նորթ Հիլզի համալիրի ամբողջ հասակով տարածուող կողքի 1.7 հեկտար (acre) հողաշերտի գնումը: Օրհնութեամբ ու հովանաւորութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Գեղամ Արք. Խաչերեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային Վարչութեան, դպրոցիս պատասխանատու մարմինը՝ Ուսումնական Խորհուրդը, 17 Յունիս, 2024ին, փակեց նոր կալուածի գնման escrow հաշիւը:
Այս գործառնութիւնը տեղի ունեցաւ, այնպիսի յատկանշական պահու, երբ մեր դպրոցներու արձանագրութիւնները կը գտնուին իրենց առաւելագոյն մակարդակի վրայ: Եւ, երբ մեր համայնքը առաւելագոյն փափաքը ունի մաս կազմելու գործունեայ եւ հայկականութեամբ առլցուն կրթական միջավայրի մը:
Նորթ Հիլզի համալիրի ընդարձակումը մեծապէս պիտի նպաստէ Մանկամսուրի եւ Նախակրթարանի նոր դասարաններու շինարարութեան, ինչպէս նաեւ կանգառներու եւ մարզադաշտերու յաւելումին: Այսպէս, հետապնդման վերանորոգ թիրախ պիտի հանդիսանայ դպրոցի տեսիլքը՝ համայնքին համար տրամադրելի դարձել նորագոյն կարելիութիւններով օժտուած դաստիարակութեան միջավայր մը, ուր մեր երեխաները պիտի շարունակեն յառաջդիմել ու զարգանալ:
Այս նոր հողաշերտի գնումը համընկաւ վերջերս Նորթ Հիլզի համալիրի վրայ կառուցուելիք նոր նախակրթարանին քաղաքապետութեան կողմէ արտօնագիրներու ստացման: Իսկ, կառուցման նախապատրաստական հողային աշխատանքները սկսան հողի խտացման ու ամրացման (ground compacting) անմիջական գործընթացով:
Նորթ Հիլզի վրայ ուռճացող ազգային վարժարանի ընդարձակման գաղափարը նորութիւն չէ, արդարեւ մօտ երկու տասնամեակ առաջ Սան Ֆրանսիսքոյի շրջանէն Տոքթ. Վաչէ եւ Շողիկ Գապայեաններ նախակրթարանի բարգաւաճման համար տրամադրեցին 500 հազար տոլարի նուիրատւութիւն մը: Նմանապէս, Մանկամսուրի բարելաւման համար Աշխէն Փիլաւճեան իր ընտանիքին կողմէ կատարած է 250 հազար նուիրատւութիւն:
Այս կոթողային աշխատանքը կը հետեւի եւ շարունակութիւնն է Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան վարժարանի Էնսինոյի համալիրի ընդարձակման ծրագրին: Արդարեւ, դպրոցը իր Ուայթ Օք պողոտայի վրայ գտնուող իր կալուածը անցեալ տարի ընդարձակած էր երեք էյքրով (acre), գործնականօրէն կրկնապատկելով իր տարածքը, եւ փաստօրէն տրամադրելի դարձնելով նորանոր դասարաններ, երկրորդ մարզասրահ մը, եւ ուսումնական կարիքներու համար տաբեր այլ միջավայրեր:
Ներկայիս, Ֆերահեան հպարտ է, որ 550 աշակերտներ ունի, որոնք Գապայեանի եւ Փիլաւճեանի իրենց 675 փոքր քոյրերուն եւ եղբայրներուն հետ միասին առիթը ունին բարգաւաճելու կրթական, մարմնամարզական եւ ընկերային բնագաւառներուն մէջ. Յատկապէս, ապահով հայկական միջավայրի մէջ:
Ապագան փայլուն է Սան Ֆերնանտօ Հովիտի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ հովանիին տակ գործող Ֆերահեան-Գապայեան-Փիլաւճեան դպրոցական համակարգին համար, որ ներկայիս կը թեւակոխէ համայնքին իր 60րդ տարուայ անզուգական ծառայութեան դարպասէն ներս: Իբրեւ Միացեալ Նահանգներու առաջին ամէնօրեայ հայկական դպրոցը, վճռակամութիւնն ու նպատակը ունինք շարունակելու առաջնոդել մեր բացած ուղին յաջորդ 60 տարիներուն համար եւ անպայմանօրէն անկէ ետք եւս:
Նորագոյն կրթական եւ կալուածային ընդարձակման ջանքերը մեր ապահովագրութիւնն են այս ուղղութեամբ:
Ուսումնական Մարմին՝
Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Երկրորդական վարժարանի, Գապայեան Նախակրթարանի ու Փիլաւճեան Մանկամսուրի